2009-08-29 12:24:13

Ս. Տիմիթրիոս եկեղեցին` լքուած եկեղեցի մը, իբրեւ մզկիթ պիտի վերանորոգուի։


Ս. Տիմիթրիոս եկեղեցին` լքուած եկեղեցի մը, իբրեւ մզկիթ պիտի վերանորոգուի։ Թրքական Հիւրրիյէթ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Սիլիվրի շրջանին մէջ լքուած եկեղեցի մը քաղաքապետութեան կողմէ պիտի վերանորոգուի եւ դարձեալ օգտագործուի իբրեւ մզկիթ, ինչ որ յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան եւ երկրաչափերու կողմէ քննադատութիւններու դուռ բացած է։Ս Տիմիթրիոս եկեղեցին կը գտնուի Մարմարայի ծովափին վրայ գտնուող Սիլիվրի շրջանի Օրթաքէօյ գիւղին մէջ, եւ կառուցուած է 1831-ին։ Գիւղը հիմնականին մէջ բնակուած էր յոյն ուղղափառներով, սակայն 1920-ական թուականներու սկիզբը Պալքանեան թերակղզիէն եկած թուրքեր հաստատուած են շրջանին մէջ։ Գիւղին նոր բնակիչները պահպանած են եկեղեցւոյ վրայ գտնուող խաչը եւ սրբանկարները, սակայն զայն մզկիթի վերածած են՝ անոր կողքին փայտեայ մինարէ մը կառուցելով։ Գիւղացիները եկեղեցին իբրեւ մզկիթ օգտագործած են մինչեւ նոր մզկիթի մը կառուցումը, որմէ ետք Ս Տիմիթրիոս եկեղեցին լքուած է։ Որոշ ատեն ետք փայտեայ մինարէն փուլ եկած է եւ եկեղեցին վերածուած է խոզանոցի ու պահեստանոցի։ Լքուած կառոյցը ներկայիս Սիլիվրիի քաղաքապետութեան մօտ արձանագրուած է իբրեւ լքուած եկեղեցի եւ, ըստ օրէնքի, առաջին կարգի պատմական վայր մըն է, որ պաշտպանութեան կը կարօտի։ Յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան բանբեր Տոսիթէոս Անակնոսթոփուլոս յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ անկարելի է մզկիթ մը եկեղեցիի վերածել։ Ասիկա օսմանեան ժամանակներէն ի վեր իրողութիւն մըն է։ Բայց եւ այնպէս, օսմանեան կամ թրքական օրէնքներուն մէջ ծանօթ չենք որեւէ արգելքի, որ կարգիլէ եկեղեցի մը մզկիթի վերածել։ Ան ըսաւ, թէ եկեղեցիները մզկիթներու վերածելու որոշումը տեղական քաղաքապետութեանց կը պատկանի, սակայն կարգ մը շրջաններու մէջ, ներառեալ՝ Քատըքէօյի եւ Իշխաններու կղզիներուն վրայ Լոզանի համաձայնագիրի հիմամբ արգիլուած է։

Հայաստան պէտք է պաշտպանէ հայկական մշակութային արժէքները ինչպէս Նախիջեւանի , նոյնպէս ալ Ջաւախքի մէջ։ Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի ղեկավարութիւնը ոչ մէկ էական բան ըրած է Ազրպէյճանի մէջ գտնուող մեր մշակութային արժէքներուն ոչնչացումը կանխարգիլելու համար, չէ դիմած որեւէ միջազգային դատական ատեանի, որպէսզի պատասխանատուութեան ենթարկէ պաշտօնական Ազրպէյճանը՝ հայկական մշակութային յուշարձանները քանդելուն համար, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է հայ հրապարակախօս, Նախիջեւանի մասին բազմաթիւ պատմական աշխատութիւններու հեղինակ Արգամ Այվազեան։ ն ընդգծած է նաեւ, որ մենք չենք կրնար մեզի թոյլ տալ մոռնալ այն մշակութային ժառանգութիւնը, որ կոչնչացուի մեր աչքին առջեւ՝ մեր կրաւորականութեան պատճառով։ Ըստ Այվազեանի, Հայաստան պէտք է միշտ ձեռքի տակ ունենայ Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի վերաբերող պատրաստ փաստաթուղթեր, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային զանոնք ներկայացնէ։ Եթէ Հայաստան չզբաղի եւ գործնականօրէն չարձագանգէ Ջաւախքի խնդիրներուն, ապա այդ հայաբնակ շրջանին կը սպասէ նոյն ճակատագիրը, որուն ենթարկուեցաւ Նախիջեւան, քանի որ այդտեղ այսօր նոյնպէս հայ ժողովուրդի արժէքները կոչնչացուին, շեշտած է Այվազեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.